Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի «Արաքս» երգչախումբը իր հերթական համերգը նուիրած էր մեր այս տարուան յոբելեար մեծերէն երեքին՝ Կոմիտաս Վարդապետին, Յովհաննէս Թումանեանին եւ Արմէն Տիգրանեանին, ելոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ Պըլըքտանեան սրահէն ներս Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան:
Այս երեք մեծերուն հեղինակութեամբ եւ յօրինումներով երգացանկին կողքին, ներկաները վայելեցին նաեւ հեզաճկուն մենապարը գաղութի պարմանուհիներէն Թանիա Քիւրքճեանի, որ ներկայացուց «Հարսի պարը» Անոյշ օփերայէն (պարուսոյց՝ Մարիամ Կարապետեան) եւ քառեակ-պարը՝ Ճուլիա եւ Բերլա Աւանեաններուն, Նաթալի Սէֆերեան-Աբիկեանի եւ Նաթաշա Բախչանեանի, որոնք ներկայացուցինն «Հոյ Նազան»ը (պարուսոյց՝ Սիւզան Յակոբեան):
Երկու մեներգներով հանդէս եկաւ Ռուբէն Սաատ՝ Հայրենիքիս հետ եւ Սիրուն Աղջիկ:
Կոմիտաս Վարդապետի գործերէն փունջ մը կատարեց երգչախումբին ընկերակցող դաշնակահարուհի Սեւան Սեմերճեան:
Իր գեղեցիկ խօսքով եւ բեմական փայլուն ներկայութեամբ երեկոն համեմեց հանդիսավար տիկին Լալա Շամամեան-Նիկոլեան:
Համերգը յարգանքի տուրք մը ըլլալու կողքին, եղաւ նաեւ հաճելի երեկոյ մը ներկաներուն համար, որոնք ծափողջիւններով գնահատեցին երգչախումբին կատարումն ու անոր ղեկավարին՝ մաէսթրօ Միհրան Ղազէլեանին աշխատանքը: