Ուրբաթ, 4 Մարտ 2022-ին հաճոյքն ունեցանք ՀԲԸՄի յարկին տակ հիւրընկալելու Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան-Պարտիզպանեանը, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Գահիրէ:
Դոկտ. Իսկէնեան այցելելէ ետք ՀԲԸՄ Գահիրէի ՀՄԸՄ Նուպար ակումբը և ՀԲԸՄի շենքն ու արխիւասենեակը ինչպէս նաեւ Երուանդ Գ. Աղաթօն գրադարանը, բարի եղաւ մեր կարգ մը հարցումներուն պատասխանելու:
Դոկտ. Իսկէնեանին կը մաղթենք յաջողութիւն, բարօրութիւն եւ աշխատանքային նոր նուաճումներ: