HMEM Nubar Cairo’s Christmas bazaar / ՀՄԸՄ Նուպարի պազարը

December 19, 2020

2020 թուականը իր համաչափ կերպարանքով
բարեբաստիկ տարի մը ըլլալու հեռանկարը
ներշնչած էր համայն մարդկութեան, սակայն
գորոնա ժահրին յայտնուիլը չարագուշակ հետեւանքներ ունեցաւ ամենուրէք:

Եգիպտահայ գաղութըեւս տուժեց գորոնայէն,
երբ աւանդական տարեկան ձեռնարկները՝ մարզական, մշակութային թէ ընկերային, յետաձգուեցան ցնոր տնօրինութիւն եւ օրերն ու ամիսները գլորեցան ուանցան միապաղաղ ու անհամ։

Գորոնայի պատճառած աւերներուն
աւելցաւ 27 Սեպտեմբերէն 10 Նոյեմբեր
երկարող Արցախ-Ատրպէյճան պատե-
րազմը, որ մարդկային, հողային, նիւթական, բարոյական եւ հոգեկան ահաւոր
կորուստներ եւ պարտութիւն պատճառեց
թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ սփիւռքի:

Այս դժնդակ պայմաններուն տակ գէթ
մէկ օր տօնական մթնոլորտ ստեղծելու
միտումով, ՀՄԸՄ-Նուպրի Տիկնանց
Յանձնախումբը ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր
2020-ին կազմակերպած էր իր աւանդական Կաղանդի պազարը, որուն ներկայ
եղաւ արտասովոր բազմութիւն մը, մա-
նաւանդ որ պազարին ամբողջ հասոյթը
պիտի նուիրուէր հայրենիքին:
ո՞րքանով կարելի է օգնութեան հաս-
նիլ հազարաւոր անտուններու, աննե-
ցուկներու եւ հաշմանդամներու … Դրա-
մահաւաքներ կազմակերպելով սփիւռքը
փութաց աջակցիլ միշտ օգնութեան կարօտ հայրենիքին:

Ակումբին անդամներն ու համակիրները, ամենայն պատրաստակամութեամբ
իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին, որ եղաւ
սովորականէն աւելի ճոխ, գեղեցիկ եւ
հասութաբեր:

Տօնական ծածկոցներով սեղանները
կքած էին խմորեղէնին, երշիկներուն,
ապուխտներուն, տեսակ-տեսակ անուշներուն, լահմաճունին, չէօրէկին, անուշապուրին, թօփիկին ու լիցքերուն ծանրութեան տակ: Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, անոնք շարուած էին բացօթեայ,մարգագետնին վերջաւորութեան, ֆուտպոլի դաշտին ցանկապատին առջեւ:

Բացումէն շա՜տ առաջ անհամբեր
բազմութիւնը սկսած էր զննել ցուցադրուած ապրանքը, «յարձակում»ի ժամանակ ճիշդ դիրքորոշուելու համար:

Մինչ տիկինները զբաղած էին գնու-
մով, այր մարդիկը հանգի՜ստ կերպով կը
վայելէին ձմրան տաքուկ արեւը:
Ճաշի սպասարկութիւնը եղաւ կանոնաւոր ու արագ, եւ աւելի քան 250 հոգի
ըմբոշխնեց օրուան ուտելիքները:
շուտով ակումբին պարմանուհիները
ծախել սկսան թոմպոլայի տոմսերը,
որոնք սպառեցան կէս ժամուան ընթացքին:
Մանուկներուն կողմէ մեծ ուրախութեամբ սպասուած Կաղանդ Պապային
այցելութիւնը եղաւ ժամը 5-ին: 97 երեխաներ նուէրներ ստացան:

Օդը նպաստաւոր ըլլալուն, ներկաները
չէին ուզեր հեռանալ ակումբէն:
Այս տարուան պազարը, բոլոր առումներով, յաջող եւ անթերի ձեռնարկ մը կարելի է համարել:

Սօսի Ներետեան-Յակոբեան

READ MORE

Egyptian Pan Armenian basketball tournaments of the 2020 season cancelled and meeting scheduled / 2020 եղանակի Եգիպտահայ Պասքէթ-Պոլի համահայկական մրցաշարքերը ջնջուած

August 11, 2020
READ MORE

Պատմութիւն ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի

February 17, 2020
READ MORE

HMEM Nubar Cairo’s Youth Camp

February 2, 2020
READ MORE

HMEM Nubar Cairo wins the last two cups of 2019 in Saint Therese

November 4, 2019