Գաղութային լուրեր։ ԳՈՅՆԵՐ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ

March 28, 2022

 Այս խորագիրը կը կրէր եգիպտահայ վաստակաւոր նկարիչ Վահէ Վարժապետեանի վերջին ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Մարտ 2022-ի երեկոյեան, Պըլըքտանեան սրահէն ներս, ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանի, Բարեջան Առաջնորդ Եգիպտոսի Հայոց Թեմին, Արհիապատիւ Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսան, Վիճակաւոր Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ  Համայնքին, ՀՀ Եգիպտոսի դեսպան տիար Հ. Փօլատեանի եւ իր ազնիւ տիկնոջ, միութիւններու ատենապետներու եւ եգիպտահայ արուեստասէր խաւի ներկայացուցիչներուն:

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէր տեսարաններ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի այնքան տարբեր բնութիւններէն, նկարիչ Վ. Վարժապետեանի ուրոյն գոյներով եւ զօրաւոր վրձինով իրագործուած:

Ցուցահանդէսը բաց էր նաեւ Կիրակի, 27 Մարտի երեկոյեան:

READ MORE

ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ՀԲԸՄԻ ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ

March 22, 2022
READ MORE

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

March 4, 2022
READ MORE

ԼՈՒՐԵՐ ՀԲԸՄԻ ԱՐԽԻՒԷՆ

February 15, 2022
READ MORE

Այցելութիւն

February 10, 2022