Միմի Մելքոնեանի«ՍՈԽԱԿՆԵՐ»ը եւ գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումը

December 14, 2019

«ՍՈԽԱԿՆԵՐ»

Շաբաթ 14 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան եգիպտահայութիւնը առիթ ունեցաւ հանդիպելու տիկին Միմի (Յասմիկ) Մելքոնեանի հետ, որ Գահիրէ կը գտնուէր հրաւէրովը Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին, այնտեղ դասախօսելու համար:

Տիկին Մելքոնեան, Պըլըքտանեան սրահէն ներս ներկայացուց իր նոր լոյս տեսած գիրքը՝ «Սոխակներ» (Nightingales), որ կը խօսի սուրիացի գաղթականներու տարբեր կացութիւններուն եւ վիճակներուն մասին, որոնք ձեւով մը արձագանգ գտած են իր՝ հեղինակին հոգիին մէջ, որպէս հայկական Ջարդէն վերապրած ծնողներու զաւակ:

Երեկոն շարունակուեցաւ Գահիրէի ՀԲԸՄի մասնաճիւղին արդէն աւանդական դարձած պարգեւատրումովը Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ գերազանց աշակերտներուն, որոնք դպրոցական հանգրուան մը աւարտած էին՝ միջնակարգ, երկրորդական, համալսարանական թէ մագիստրոսական:

Նուէրներու բաշխումէն ետք, բոլոր ներկաները վայելեցին հիւրասիրոււթիւնը, շնորհաւորելով պարգեւատրուողներն ու անոնց ծնողները:

Click here for “Nightingales” lecture photo album

Click here for the bright students awards photo album.

READ MORE

«Արաքս»ը եւ մեր երեք մեծերը

December 5, 2019
READ MORE

Վարդան Պատալեան Գահիրէի մէջ

November 30, 2019
READ MORE

Նայիրեանը Գահիրէի մէջ

November 17, 2019
READ MORE

AGBU Cairo’s Dzaidzan children’s choir outing / Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Ծիածան մանկական երգչախումբի անդամներուն զբօսապտոյտը

November 14, 2019