Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ պասքէթ-պօլի խումբերու այցը Աղեքսանդրիա

September 20, 2021

Փափաքելով ազատագրուիլ Գորոնա ժահրին մեզի պարտադրած արգելափակումի  տրամադրութիւններէն,  Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, երէց տղոց եւ աղջիկներու պասքէթ-պօլի խումբերը Աղեքսանդրիա այցելեցին, երկու օրուան յայտագրով, բարեկամական մրցումներ խաղալու Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի եւ ՀՄԸՄ Կամքի խումբերուն հետ։
Ուրբաթ,  17 Սեպտեմբեր 2021ի մրցումը տեղի ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի մէջ, ուր քոյր միութիւններու տղոց խումբերը մրցեցան իրարու հետ: Յաղթական հանդիսացաւ Գահիրէի խումբը, 97-50 արդիւնքով։
Շաբաթ, 17 Սեպտեմբեր 2021ի մրցումները տեղի ունեցան ՀՄԸՄ Կամքի դաշտին վրայ ։
Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի  եւ ՀՄԸՄ Կամքի երէց աղջիկներուն միջեւ մրցումը վերջացաւ ի նպաստ Գահիրէի խումբին, 37-18 արդիւնքով։
Գահիրէի երէց տղաքը մրցեցան Կամքի տղոց հետ ու մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ իրենց, 64-31 արդիւնքով։

 Photos from Roupen Terzibashian

READ MORE

Meeting on the resumption of the Egyptian Pan Armenian basketball tournaments

July 10, 2021
READ MORE

Meeting to amend the regulations of the Egyptian Pan Armenian basketball tournaments / Եգիպտահայ Պասքէթ-Պոլի համահայկական մրցաշարքերուն կանոնագրութեան քննարկում

June 27, 2021
READ MORE

Եգիպտահայ Միջակումբային Պասքէթպոլի մրցաշարքերը տեղի պիտի չունենան 2021-ին

May 18, 2021
READ MORE

HMEM Nubar Cairo’s Christmas bazaar / ՀՄԸՄ Նուպարի պազարը

December 19, 2020