Վարդան Պատալեան Գահիրէի մէջ

November 30, 2019

Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութեան 75 ամեակի յոբելենական տօնակատարութիւններուն առիթով Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած, հայրենի  սիրուած երգիչ Վարդան Պատալեան ելոյթ մը ունեցաւ New Generation դպրոցի շքեղ սրահէն ներս, 29 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան:

Պատալեանէն առաջ ելոյթ ունեցաւ Գահիրէի Սարտարապատ պարախումբը, որպէս պարուսոյց ունենալով հայրենի պալերինա Մարիամ Կարապետեան (որ քանի մը տարիէ ի վեր քաղաքս կ’ապրի եւ մաս կը կազմէ Գահիրէի օփերայի եւ պալէի թատրոնին, որպէս մենապարուհի):

Բացման խօսքը արտասանեց տիկին Սօսէ Պայրամեան-Կրպոյեան (անգլերէնով՝ տիկին Նորա Գոլոյեան-Քէօհնէլեան), վեր հանելով Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութեան հիմնադիր անդամներուն ողջմտութիւնը, որոնց գլխաւոր նպատակը եղած է «հայ լեզուին եւ մշակոյթին ծառայել Եգիպտոսի մէջ, քաջալերելով հայ գրականութիւնն ու արուեստը, բոլոր միջոցներով»:

Ներկաները հաճոյքով դիտեցին եւ ծափերով քաջալերեցին Սարտարապատ պարախումբին մանուկ եւ պատանի անդամները եւ խորապէս լիացան Վարդան Պատալեանի երգերով:

READ MORE

Նայիրեանը Գահիրէի մէջ

November 17, 2019
READ MORE

AGBU Cairo’s Dzaidzan children’s choir outing / Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Ծիածան մանկական երգչախումբի անդամներուն զբօսապտոյտը

November 14, 2019
READ MORE

AGBU Cairo’s AVC’s Armenian Language classes to start on 18 October 2019 / ՀԲԸՄ–ՀՀՀ–ի Հայերէնի դասընթացքներուն նոր շրջանը

October 9, 2019
READ MORE

HMEM Nubar Cairo’s girls’ and boys’ teams win Homenetmen Gamk’s tournament

September 9, 2019