Գաղութային Լուրեր: Թէքէեան 140

April 15, 2018

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ին, Կոկանեան սրահէն ներս եւ անոր վարչութեան կազմակերպութեամբ, Թէքէեանի ծննդեան 140 ամեակը ոգեկոչող դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ, որուն կը նախորդէր եւ կը յաջորդէր երիտասարդներու ասմունքն ու երգը:

Այս դասախօսութեան համար հրաւիրուած էր թէքէեանագէտ դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, որ ոչ միայն մասնագիտացած է «հնչեակի իշխան»ի կեանքին ու գործին մէջ, այլ եւ եղած է խմբագիրը անոր նուիրուած հատորներու՝ քերթուածներ, նամականի եւ այլն:

Լուսածին Ղազէլեան, Քարէն Տրդատեան, Ռուպինա Սաատ եւ Ռուբէն Սաատ իրենց ասմունքով ուրախացուցին ներկաները, իսկ օր. Երան Զէյթունցեան (հայերէնաւանդ դասատու ԳՆԱՎի) հմայեց ներկաները «Ահաւոր բան մը այնտեղ» քերուածին մեկնաբանութեամբ:

Հանդիսութիւնը կը վարէր տիկին Լալա Շամամեան-Նիկոլեան:

Վարձքը կատար բոլորին՝ կազմակերպիչներուն, ելոյթ ունեցողներուն եւ ներկաներուն: Իսկ դասախօսին ձայնը անսպառ եւ գրիչը միշտ դալար մնան կ’ըսենք:       Մ.Ե .

 

READ MORE

Գաղութային Լուրեր: ԵԳԻՊՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

April 14, 2018
READ MORE

Գաղութային Լուրեր: Պերճ Թէրզեանի «Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը» գրքոյկին շնորհանդէսը

April 12, 2018
READ MORE

Գաղութային Լուրեր: Բանաստեղծական Ընթերցումի Երեկոյ

March 23, 2018
READ MORE

AVC-AGBU Egypt celebrates the graduation of 37 Armenian language and chess students

March 11, 2018