Գաղութային Լուրեր: Պերճ Թէրզեանի «Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը» գրքոյկին շնորհանդէսը

April 12, 2018

Գաղութիս յայտնի մտաւորականներէն, ՀԲԸՄիութեան Եգիպտոսի շրջանակային յանձնաժողովի պատուոյ ատենապետ տիար Պերճ Թէրզեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսած վերջին գրքոյկին՝ «Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը»ի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2018-ին, հայ կաթողիկէ Սրբուհի Թերեզա եկեղեցիին կից  նորակառոյց գեղեցիկ սրահէն ներս:

Շնորհանդէսը կազմակերպուած էր ՀՀի Եգիպտոսի դեսպանութեան կողմէ, որ նախաձեռնողն է եւ հովանաւորը սոյն Կեդրոնին:

Սոյն ձեռնարկին հանդիսավարը ՀՀի Եգիպտոսի դեսպանութեան հիւպատոս Ստեփան Գէորգեանն էր:

Բացման կուռ եւ համապարփակ խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան եւ իր խօսքի աւարտին պարոն Պերճ Թէրզեանը պատուեց, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25 ամեակին առիթով դեսպանութեան կողմէ թողարկուած յատուկ յուշամետալով մը, որուն թուականը՝ 2017, կը համընկնի այս գիրքին լոյս ընծայման թուականին:

Գաղութիս բարեջան առաջնորդ Աշոտ  Եպիսկոպոս Մնացականեան իր ջերմ եւ սրտաբուխ խօսքը ըսաւ, իսկ նոր գիրքին եւ անոր հեղինակին մասին խօսեցաւ Կեդրոնին հայերէն լեզուի դասախօս տիկին Մարուշ Երամեան:

Նման մեծ համալսարանի մը մէջ հայագիտական կեդրոն պահելը, գիտական նպատակներ հետապնդելու կողքին, նաեւ կարեւոր է հայկական ներկայութիւնը Եգիպտոսի մէջ զգալի դարձնելու առումով:

Խօսքերու աւարտին յարգելի հեղինակը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց հանգամանալի խօսքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:

Ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին պարոն Պերճ Թէրզեանը իր ազգանուէր աշխատանքին եւ նոր հրատարակութեան համար:

Ներկաներուն միջեւ զրոյցը երկար շարունակուեցաւ, հաճելի մթնոլորտի մը մէջ:

 

READ MORE

Գաղութային Լուրեր: Բանաստեղծական Ընթերցումի Երեկոյ

March 23, 2018
READ MORE

AVC-AGBU Egypt celebrates the graduation of 37 Armenian language and chess students

March 11, 2018
READ MORE

ՀԲԸՄ Գահիրէ-ի ՀՀՀ-ն վկայագրերու յանձնում ճատրակի եւ հայերէն լեզուի ուսանողներուն

March 11, 2018
READ MORE

AVC-AGBU Egypt Armenian Language Spring 2018 Term registrations now open along with a new conversation class for level 4 graduates

February 24, 2018