Գաղութային լուրեր: ԿՈՄԻՏԱՍ 150

June 14, 2019

Գահիրէի Հայ Կարիքի Խաչին կազմակերպութեամբ, 13 Յունիսին, դասախօսական գեղեցիկ երեկոյի մը ընթացքին  եգիպտահայութիւնը տօնախմբեց մեծն Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը, Գարագաշեան սրահէն ներս, որ բերնէ բերան լեցուն էր գաղութին մեծ ու փոքր անդամներով:

Երեկոյին բացումը կատարեց տիկին Սօսէ Պայրամեան-Կրպոյեան եւ բարի գալուստի պատշաճ խօսքերէ ետք ներկայացուց օրուան դասախօս մաէսթրօ Միհրան Ղազէլեանը, ապա հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր խօսքը:

Մաէսթրօ Միհրան Ղազէլեանի մէկ ժամէն աւելի տեւած դասախօսութիւնը Կոմիտասի կեանքին, գործունէութեան եւ աշխատանքին տարբեր երեսակներուն մասին մերթ ընդ մերթ ընդմիջուեցաւ պարմանուհիներու երգով եւ տեսերիզներու ցուցադրութեամբ, որոնք համեմեցին երեկոն եւ աշխուժութիւն տուին անոր:

Մեծ գնահատանքի արժանացաւ տիկին Շաքէ Յովակիմեանի ասմունքը՝ Կոմիտասի աճիւնները Երեւան փոխադրելու առիթով գրուած Կոստան Զարեանի «Բարի ճանապարհ, վարդապե՛տ», որուն դաշնամուրի վրայ ընկերակցեցաւ տիկին Ֆոթինի Իսիտ:

Որպէս շնորհակալութիւն Հայ Կարիքի Խաչը յուշանուէրով մը պատուեց օրուան բանախօսը, որմէ ետք կոկիկ հւրասիրութեան մը շուրջ ներկաները մտերմիկ զրոյցներով աւարտեցին երեկոն:

READ MORE

«Չարի Վերջը» / “Evil’s Fate”

May 25, 2019
READ MORE

Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի ‹‹ Ե.Ա ››ներու Միջոցառում , համայնք եւ ինքնութիւն / AGBU Egypt’s YPs’ event: Community and Identity

May 12, 2019
READ MORE

Գահիրէի ՀԲԸՄ-ը կը գումարէ իր Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը / AGBU Cairo’s annual general assembly

May 8, 2019
READ MORE

Գաղութային լուրեր: Պանծալի 90-ամեակ մը / A glorious 90th anniversary

May 2, 2019