ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

September 30, 2021

 

Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Սաթենիկ Չագըր Հիմնադրամը, 2020-2021 տարեշրջանին համար, դրամական մրցանակներ պիտի տրամադրէ եգիպտահայ համայնքին պատկանող բոլոր այն ուսանողներուն, որոնք փայլուն արդիւնքներ բերած են որեւէ կրթական հանգրուանի աւարտական քննութիւններուն:

 Այսպէս, մրցանակներ պիտի տրամադրուին աւարտական կարգերու՝ պետական կամ համազօր քննութիւններու ներկայացող բոլոր այն աշակերտներուն, որոնք 90% եւ աւելի արդիւնք բերած են պատրաստական բաժնին եւ 85% եւ աւելի արդիւնք բերած են երկրորդական բաժնին:

 Դրամական մրցանակները իւրրաքանչիւր կրթական կանգըրուանի համար են եւ պիտի տրամադրուին հետեւեալ ձեւով

 Պատրաստականի աւարտական դասարան  Ե.Ո. 500, իսկ  Երկրորդականի  Ե.Ո. 1000,

Համալսարանի աւարտական տարի: Շատ Լաւ արդիւնք  Ե.Ո. 1500,  Գերազանց արդիւնք           Ե.Ո. 2000

Մագիստրական աստիճանի աւարտին  Ե.Ո. 2500,  Դոկտորական աստիճանի աւարտին   Ե.Ո. 5000

Գահիրէի դիմորդները իրենց ձեռք բերած կրթական արդիւնքը հաստատող փաստաթուղթը եւ անկէ պատճէն մը, պարտին ներկայացնել ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի գրասենեակը: Աղեքսանդրիոյ դիմորդները պարտին նոյները ներկայացնել Աղեքսանդրիոյ ՀԲԸՄ-ի գրասենեակը:

 Բոլոր դիմումները ընդունելու վերջին պայմանաժամն է 30 Հոկտեմբեր 2021:

 Մրցանակներու յանձնումը պիտի կայանայ հանդիսաւոր իրադրութեամբ:

READ MORE

AGBU Cairo to contribute in Tutorial fees – ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ

September 1, 2021
READ MORE

Ողջերթի երեկոյ ՀՀ Եգիպտոսի դեսպան տիար Կարէն Գրիգորեանի մեկնումին առիթով

August 21, 2021
READ MORE

115 ԱՄԵԱԿԻ ԱՌՑԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

April 15, 2021
READ MORE

ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին Ընդհանուր Ժողովը

April 14, 2021