Գաղութային Լուրեր: 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

June 4, 2018

Գահիրէի օփերայի տան փոքր դահլիճին մէջ երէկ, 3 Յունիս 2018-ի երեկոյեան դասական համերգ մը տեղի ունեցաւ, նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Սարդարապատի հերոսամարտին:

Համերգը կազմակերպուած էր ՀՀ Եգիպտոսի դեսպանութեան կողմէ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եգիպտոսի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծնունդն ու պետականութեան կազմաւորման պայմանները: Ապա շնորհաւորեց արաբական աշխարհը Րամատանի տօնին առիթով:

Այս համերգին համար Հայաստանէն հրաւիրուած էին սոփրանօ Նունէ Պատալեան եւ թենոր Սարգիս Աղամալեան. դաշնամուրի վրայ անոնց կ’ընկերակցէր Էլլա Մելիք-Հուսեան:

Երգացանկը կը բաղկանար հռչակաւոր օփերաներու արիաներէ, ինչպէս նաեւ Արմէն Տիգրանեանի Անուշ օփերայէն առնուած Անուշի եւ Սարոյի մեներգներէն:

Ամբողջ համերգի ընթացքին ներկայ հոծ բազմութիւնը հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց եւ իր խանդավառ ծափերով ողջունեց ելոյթ ունեցող արուեստագէտները:

 


 

In Cairo’s Opera House’s small hall, a classical musical concert was held on Friday, June 3rd 2018, on the occasion of the 100th anniversary of the Republic of Armenia and the Battle of Sardarapat.

The concert was organized by the Embassy of the Republic of Egypt in Egypt.

Ambassador and Plenipotentiary of Egypt to the Republic of Armenia Dr. Armen Melkonyan, briefly presented the Republic’s birth and the conditions of statehood formation. Then he congratulated the Arab world on the occasion of the holy month of Ramadan before the start of the peformance .

For this recital, Soprano Nune Badalian and tenor Sargis Aghamalyan were invited from Armenia. Ella Melik-Husyan contributed on the piano.

The repertoire comprised arias of famous singers, as well as themes from Armen Tigranyan’s Anush opera, such as Anoush and Saro,. During the whole concert, the crowd greeted with enthusiasm the brilliant artists with passionate applause.

READ MORE

Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Ծիածան մանկական երգչախումբի անդամները կ՛այցելեն Քիտծանիա (Kidzania)

June 3, 2018
READ MORE

ԵԳԻՊՏՈՍԻ, ՍՈՒՏԱՆԻ Եւ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՒԼԸ

June 2, 2018
READ MORE

Ակռայի Փերին

May 23, 2018
READ MORE

Գաղութային Լուրեր: Յուզառատ Հրաժեշտ մը

May 10, 2018